Elections 2022GeneralStands
Հայկական է, պատուական է։

Ոչ հայկական միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամակցող եւ ծառայող հայ երիտասարդներ, Լիբանանի համայնքը եւս ունի բազմաթիւ կառոյցներ՝ մարզական, բարեսիրական եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող։ Ինչո՞ւ ոչ հայկական միութիւններու եւ ոչ հայկական կուսակցութիւններու ծառայել, երբ կայ հայկականը։ Նախապատուութիւնը տուէ՛ք հայկականին, ուր ձեր հարազատ եւ ազգային պատկանելիութիւնը պիտի գտնէք, պիտի փայլիք եւ ըլլաք առաջատար դիրքերու վրայ եւ ոչ թէ երկրորդական։
Մեր զաւակները մեր գանձերն են, բայց օտարին համար կրնան արժէք չունենալ։
Վատառողջ է եւ ցաւալի օտարին ազդեցութեան տակ գտնուիլը, երբ կայ հայկականը։
Հայկական է, պատուական է։






